
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները:
13-րդ դասուած Լիւսի Սաֆարովա հանդիսացաւ առաջին չեխ թենիսվումընը, որ 34 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛ապահովէ աւարտական մրցումին իր տոմսը:
Բնականաբար, ատով չբաւարարուելով ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի կրան շլեմի մը մրցաշարքին աւարտականին:
Ան աւարտականի իր տոմսը ապահովեց 7-5 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք 7-րդ դասուած զօրաւոր մարզիկ մը` Աննա Իվանովիչը (Սերպիա):
Աւարտականին Սաֆարովա իր դէմ պիտի ունենայ թիւ 1 դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզը, որ 4-6, 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց 23-րդ դասուած Թիմէա Պաքսինզսքիին (Զուիցերիա):