Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եուրօ-2016». Հայաստանի Բերդը Ի Վերջոյ` Անառիկ

Սեպտեմբեր 8, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Yura_9-07-15

Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու 2016 թուականի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստան երէկ հիւրընկալեց Թ. խմբակի երկրորդ դիրքը գրաւող Դանիան:

Մրցումի արդէն երկրորդ վայրկեանին դանիացիները ազատ հարուածի իրաւունք ստացան, եւ դէպի բերդ ուժգին հարուածը զսպեց բերդապահ Գէորգ Գասպարով: Առաջին վայրկեաններէն իսկ հիւրերը փորձեցին արագ կոլ նշանակել եւ տիրապետեցին դաշտին, մինչ Հայաստանի հաւաքականը դժուարութեամբ դաշտի կեդրոն կը հասնէր:  Տանտէրերը 15-րդ վայրկեանէն ետք աշխուժացան, երբ Դանիոյ բերդին մօտ բաւական լաւ խաղարկութիւն մը ունեցան, սակայն առանց կոլի առիթ ստեղծելու: 19-րդ վայրկեանին իսկական առիթ ստեղծուեցաւ, երբ Գէորգ Ղազարեան լաւ դիրքէ մը հարուածեց, սակայն` բերդէն հեռու:  Դանիա բազմացուց իր յարձակումները առանց արդիւնքի: Իսկ առաջին կիսախաղի վերջին վայրկեաններուն ե՛ւ Կ. Յովհաննիսեանի ե՛ւ Հենրիկ Մխիթարեանի հարուածները կոլի չվերածուեցան:

Երկրորդ կիսախաղը աւելի աշխուժ սկսան հիւրերը, բայց Հայաստանի հաւաքականը եւս պատասխանեց յարձակումներով: Դանիացիները սկսան աւելի տիրել գնդակին եւ 58-րդ վայրկեանին ունեցան կոլ նշանակելու առիթ, որ չկրցան օգտագործել: Հայաստանի հաւաքականի առջեւի  գիծին վրայ գրեթէ աննկատ էր Եուրա Մովսիսեան, որ 66-րդ վայրկեանին կորսնցուց կոլ նշանակելու խաղին ամէնէն լաւ առիթը: Ռուսլան Կորեանի հիանալի փոխանցումէն ետք, Մովսիսեան առանձին մնաց դանիացիներու  բերդապահին դէմ, սակայն լաւ դիրքէն դուրս  հարուածեց: Քիչ ետք  վտանգաւոր հարուած կատարեց Նիքլաս Պենթտնըր, բայց Հայաստանի բերդապահ Գէորգ Գասպարով արթուն էր: Հիւրերը կը շարունակէին տիրել գնդակին: Հայաստանի հաւաքականը կրնար յաղթանակ կորզել, բայց 88-րդ վայրկեանին Արտեոմ Սիմոնեանի հարուածը նպատակին չհասաւ: Վերջին վայրկեանները անցան լարուած պայքարով, եւ Հայաստան քանի մը վտանգաւոր յարձակումներ կատարեց, բայց մրցումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով:

ԹԷեւ Հայաստանի հաւաքականը այժմ ունի միայն 2 կէտ, դրական կողմը այն է, որ վերջապէս անառիկ պահած է իր բերդը` ընդհատելով 17 մրցում  կոլ ստանալու շարքը:

Հայաստանի ազգային հաւաքականը դաշտ ներկայացած էր հետեւեալ կազմով. Գ. Գասպարով, Հ. Մկոյեան, Վ. Հարոյեան, Ռ. Արզումանեան, Կ. Անտոնեան, Կ. Մկրտչեան, Հ. Մխիթարեան, Գ. Ղազարեան, Կ. Յովհաննիսեան, Մ. Փիցելլի, Ե. Մովսիսեան: Երկրորդ կիսախաղին դաշտ ներկայացան Ռուսլան Քորեան (62), Ա. Օզպիլիս (83) եւ Ա. Սիմոնեան (87)` յաջորդաբար փոխարինելով` Փիցելլին, Ե. Մովսիսեանը եւ Կ. Յովհաննիսեանը:

 

 

 

Նախորդը

Արթուր Աբրահամ Յանձնեց «Կոլտըն Հենն» Մրցանակը

Յաջորդը

Ռահիմ Սթերլինկ Պիտի Համեմատուի՞ Մեսսիի, Ռոնալտոյի Եւ Ռունիի Հետ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՄԸՄ Պուրճ  Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի
Մարզական

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Հոկտեմբեր 20, 2025
Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին
Մարզական

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?