Մարզական

Պասքեթպոլ. Մինեսոթան Կ՛ուզէ Փոխանակել Ռիքի Ռուպիոն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի «Մինեսոթա Թիմպերվուլվզ» խումբը կը մտադրէ փոխանակել խումբի խաղարկութիւնը կառավարող մարզիկը` Ռիքի Ռուպիոն: «Գայլերու» ղեկավարութիւնը եկած է այն եզրակացութեան, որ ապագային խումբը պէտք է այլ թիւ մէկ ունենայ: Ներկայիս ակումբը չի քննարկեր 24-ամեայ սպանացիին փոխանակումը, սակայն կ՛ուզէ այդ հարցին վերադառնալ յառաջիկայ մրցաշրջանի ընթացքին:  

Թենիս. 2004-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Նատալ «Մեծ Սաղաւարտ»-ի Տիտղոս Չնուաճեց

Թենիսի Միացեալ Նահանգներու բաց ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանին ՌաֆայԷլ Նատալ պարտուեցաւ իտալացի Ֆապիօ Ֆոնինիէն (2-3): Այսպիսով, Նատալ կորսնցուց 2015 թուականի չորրորդ եւ վերջին «Մեծ սաղաւարտ» մրցաշարքը: Այս տարուան ընթացքին սպանացին անյաջողութեան մատնուած էր նաեւ Աւստրալիոյ բաց ախոյեանութեան, «Ռոլան Կարոս»-ի եւ «Ուիմպլտըն»-ի մէջ: Նատալ վերջին անգամ մէկ մրցաշրջանի ընթացքին «Մեծ սաղաւարտ»-ի մրցաշարք չէր յաղթած  2004 թուականին:  

Հարաւային Քորէայի Հաւաքականը Լիբանան Հասաւ

Երէկ Պէյրութ հասաւ Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ Լիբանանի մրցակիցն է 2018-ի Մոնտիալի եւ 2019-ի Ասիոյ բաժակի զտումի մրցումներուն: Լիբանան-Հարաւային Քորէա մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  Շաբաթավերջին` Լիբանանի 38-րդ Միջազգային Ռելին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Շաբաթավերջին` Լիբանանի 38-րդ Միջազգային Ռելին

PROFOTO Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի 38-րդ միջազգային ռելիին, որուն 13 հանգրուանները տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին (այսօր եւ վաղը): Նշենք, որ երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ ցուցադրական մրցում մը` մասնակցութեամբ ռելիին մասնակցող բոլոր վարորդներուն, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն): Վարորդները այդ վազքուղիին շուրջ դարձան 2 լեփ (2 քիլոմեթր եւ 560 մեթր):...

Եուրօ-2016. Սերպիա – Հայաստան` 2-0

Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Սերպիա - Հայաստան մրցումը (Թ. խմբակ): Հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ: Լեւոն Հայրապետեան սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց 22-րդ վայրկեանին: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Դ. ԽՄԲԱԿ Վրաստան - Սկովտիա 1-0 Գերմանիա - Լեհաստան 3-1 Ճիպրալթար - Իրլանտա 0-4 Ե. ԽՄԲԱԿ Ֆարօ կղզիներ - Հիւսիսային...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». 4-րդ Դասուած Վոզնիաքի Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանին երէկուան մրցումներուն մեծ անակնկալ մը արձանագրուեցաւ, երբ 4-րդ դասուած Քարոլին Վոզնիաքի (Դանիա) դուրս մնաց մրցաշարքէն` 6-4, 5-7 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Փեթրա Սեթքովսքայէն (Չեխիա): Նշենք, որ Սեթքովսքա աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ 149-րդ դիրքը կը գրաւէ` նկատի ունենալով, որ ան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով եօթը ամիսէ...

Մովսիսեան Շատ Հաւանաբար Ձմրան Ընթացքին Տեղափոխուի Անգլիա

Իր լուրը քաղելով championat.com կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան ձմրան ընթացքին տեղափոխուի Անգլիա եւ մաս կազմէ տեղւոյն կազմերէն մէկուն: Անոր փոխանցման մասին թէեւ յաւելեալ ոչինչ կը յայտարարուի, սակայն ցարդ անորոշ է, թէ անոր ակումբը պիտի ուզէ՞ այդ փոխանցումին համաձայն գտնուիլ: Նշենք, որ ռուսական ակումբին հետ 28 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի...

Եուրօ-2016. Նորվեկիացի Մոյեն` Հայաստան – Դանիա Մրցումին Իրաւարարը

7 սեպտեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան - Դանիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ նորվեկիացի Սվէյն Օտտվար Մոյեն, իսկ անոր օգնականները բնականաբար դարձեալ Նորվեկիայէն պիտի ըլլան: 22 յունուար 1979-ին ծնած Մոյեն իրաւարարի իր արհեստավարժ ասպարէզին...

2014-2015 Տարեշրջանին. Ռէալ Մատրիտի Եկամուտը Կազմեց Աւելի Քան 660 Միլիոն Եւրօ

Ռէալ Մատրիտի տնօրէններու խորհուրդը ներկայացուց 2014-2015 տարեշրջանի նիւթական հաշուետուութիւնը, կը յայտնէ «Մարքա»: Բաղդատմամբ 2013-2014 տարեշրջանին, ակումբին եկամուտը աւելցած է 9.4 առ հարիւրով եւ կազմած աւելի քան 660.6 միլիոն եւրօ:

Փորձերու Ընթացքին. 18 Տարեկան Բերդապահ Մը Մահացաւ

Յունական Վերիա ակումբին 18 տարեկան բերդապահ Սթելիոս Մարքուսիս մահացաւ փորձերու ընթացքին, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Բերդապահը, որ վերջերս միացաւ հիմնական կազմին, փորձերու ընթացքին ինքզինք անհանգիստ զգալով կորսնցուցած է գիտակցութիւնը: Թէեւ ան անմիջապէս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, սակայն բժիշկները չկրցան փրկել անոր կեանքը: Նախնական տուեալներով, անոր մահուան պատճառը եղած է սրտի կաթուածը, կը յայտնէ ArmSport.am:

Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Մրցաշարք. Լիբանանի Մրցակիցները` Սէուտական Արաբիա, Պահրէյն Եւ Յորդանան

1-3 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի մրցաշարքին մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն խումբերը, որոնք կ՛ապահովեն Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի իրենց տոմսերը, սոյն մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 2016-ին, Ուզպեքիստանի մէջ: Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը այս մրցաշարքին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը եւ Յորդանանը: Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի (ընդամէնը` երեք խմբակ) առաջին երկու դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն...

Եուրօ-2016. Այսօր` Սերպիա – Հայաստան

Երէկ յետմիջօրէին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հասաւ Սերպիա եւ իջեւանեցաւ Նովի Սատ քաղաքին մէջ գտնուող Փարք պանդոկին մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը, որ հաղորդեց այս լուրը, նաեւ նշեց, որ հայրենի մարզիկներուն կատարելիք փորձերուն առաջին 15 վայրկեանը միայն արտօնուած պիտի ըլլայ մարզական լրագրողներուն համար: Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան մաս կը կազմէ Թ. խմբակին: Անոր խմբակին մէջ են նաեւ Փորթուգալ, Ալպանիա...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան Յառաջդիմեց 3 Դիրքով

Երէկ` հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը նոր դասաւորման մէջ 5 դիրք յառաջդիմելով այժմ կը գրաւէ 83-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Արժանթին` 1442 կէտով, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Պելճիքա (1269) եւ Գերմանիա (1248):  

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Սերենա Եւ Նովաք Անցան Գ. Հանգրուան

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Սերենա Եւ Նովաք Անցան Գ. Հանգրուան

Նովաք Տիոքովիչ Սերենա Ուիլիըմզ Ռաֆայէլ Նատալ Անեթ Քոնթավէյթ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ Բ. հանգրուանի մրցումներուն յիշատակելի անակնկալ գրեթէ չարձանագրուեցաւ: Թիւ 1 դասուած մարզիկներ Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա) եւ Սերենա Ուիլիըմզ (Միացեալ Նահանգներ) ինչպէս նաեւ ուրիշներ, ապահովեցին Գ. հանգրուանի իրենց տոմսերը: Ստորեւ` Բ. հանգրուանի կարգ մը կարեւորագոյն մրցումներուն արդիւնքները. ՏՂԱՔ Նովաք...

Կռփամարտ. Հայաստանի Պատանեկան Հաւաքականը Մեկնեցաւ Աշխարհի Ախոյեանութեան

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը երէկ իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ նշեց, որ Հայաստանի կռփամարտի պատանեկան հաւաքականը` մարզիչներ Արման Յարութիւնեանի եւ Արտեոմ Սիմոնեանի ղեկավարութեամբ, մեկնեցաւ Ս. Փեթերսպուրկ (Ռուսիա)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 3-13 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան: Այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Արման Գալստեան (46 քկ), Արթուր Բարէեան (50 քկ), Արթուր Բազէեան (52 քկ), Ճորճիկ Մարութեան (57 քկ), Կորիւն Աստոյեան...

Եուրօ-2016. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 8 Մրցումներ

Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 4 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենան 8 մրցումներ` երեք տարբեր խմբակներու մէջ: Գերմանիա - Լեհաստան մրցումէն բացի, հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ Սերպիա - Հայաստան ճակատումը, որ երկու կողմերուն համար ալ կը նկատուի կարեւոր: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). Դ. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ Վրաստան - Սկովտիա 19:00 Գերմանիա - Լեհաստան 21:45 Ճիպրալթար - Իրլանտա...

Բարեգործական Նոր Ձեռնարկ` Հենրիխ Մխիթարեանի Մսնակցութեամբ

Բարեգործական Նոր Ձեռնարկ` Հենրիխ Մխիթարեանի Մսնակցութեամբ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասնակցութեամբ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնին` ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ բարեգործական ձեռնարկ մը: «Թեքպայ» եւ «Էյրփօ-Թեք» ընկերութիւններու սփիւռքահայ գործարարներ Տիգրան Չպլաքեան եւ Գրիգոր Ճապուրեան Մխիթարեանին նուիրեցին իրենց արտադրած «Էրեբունի յաւերժ» ոսկեայ բացառիկ ինքնահոս գրիչը: Այդ գրիչին վրայ տեղադրուած են հայկական խորհրդանիշներ` Հայոց այբուբենը, նուռ, «յաւերժութեան անիւը», աղաւնի, Զուարթնոցի եւ Էջմիածինի եկեղեցիները եւ այլն:...

Մարատոնա Պիտի Ամուսնանայ 24 Տարեկան Աղջկայ Մը Հետ Եւ Կը Փափաքի, Որ Զիրենք Պսակողը Ըլլայ Հռոմի Պապը

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնա որոշեց ամուսնանալ, կը յայտնեն արժանթինեան լրատուամիջոցները: Անոր նոր կինը պիտի ըլլայ 24-ամեայ Ռոսիօ Օլիվա, որ Մարատոնայէն 30 տարի փոքր է: Մարատոնա կը փափաքի անպայման ամուսնանալ Հռոմի մէջ եւ կ՛ուզէ, որ զիրենք պսակողը ըլլայ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը: Նշենք, որ պապը արժանթինցի է եւ Սան Լորենցօ ֆութպոլի ակումբին համակիրներէն:

Պիւֆոն Յոյս Ունի Մասնակցելու 2018-ի Մոնտիալին

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն յոյս ունի իր մասնակցութիւնը բերելու 2018-ի մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ: Փորձառու բերդապահը կ՛ըսէ, որ իր տարիքը երբեք արգելք չի հանդիսանար իրեն, որ մրցումի մասնակցի: 28 յունուար 1978-ին ծնած Պիւֆոն, որ այժմ 37 տարեկան է, կ՛ըսէ, որ յոյս ունի մասնակցելու 2018-ի մոնտիալին, թէեւ իր տարիքը չի կրնար իրեն թոյլատրել ապագայի գծով...

Ճատրակ.  Նանօր Առնելեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` Միջերկրականեան Խաղերուն

Ճատրակ. Նանօր Առնելեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` Միջերկրականեան Խաղերուն

27 օգոստոսէն 3 սեպտեմբեր 2015 Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ տեղի ունեցան միջերկրականեան ճատրակի խաղերը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ ճատրակ խաղացողներու: Այս խաղերուն կը մասնակցէր նաեւ Լիբանան` իր երկսեռ խաղացողներով: Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Նանօր Առնելեան, որ միակ հայն ըլլալով կը ներկայացնէր լիբանանահայութիւնը: Առնելեան իր առաջին երկու խաղերուն յաղթանակ արձանագրելէ ետք յաջորդ երկուքին պարտուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցները մեծ էին (16...

Page 1186 of 1275 1 … 1,185 1,186 1,187 … 1,275

Արխիւներ