Այս յաղթանակը Համիլթընին առջեւ ճամբան կը հարթէ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին տիրանալու համար: Ասիկա Համիլթընի այս տարուան 7-րդ յաղթանակն է, որ անոր կու տայ 53 կէտի առաւելութիւն մը, իր խմբակիցին` Նիքօ Ռոսպերկի վրայ: Համիլթըն մրցումի աւարտական գիծը հասաւ Վեթելէն 25 երկվայրկեան աւելի կանուխ:
«Անհաւատալի է, հիանալի…», բացագանչեց Սեպասթիան Վեթել: Ռետ Պուլ խումբի նախագահ Քրիսթիան Հոռնըր հաստատեց. «Ահարկու»: