Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ֆապիան Տելֆ. Փոխանցումի Ութօրեայ Խեղկատակութիւն

Սեպտեմբեր 7, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

fabian-delph_9-06-15

Մարզիկներու ակումբէ ակումբ փոխանցումի հոլովոյթը սովորական շապիկ փոխելու նման բանի մը վերածուած է այլեւս, սակայն ինչ որ Անգլիոյ մէջ պատահեցաւ յուլիսին, նմանեցաւ մեքսիքական պատկերասփիւռային վատորակ հաղորդաշարերու: Գլխաւոր կերպարը (խուսափելու համար հերոս բառին օգտագործումէն) այս պարագային անգլիացի ֆութպոլիստ Ֆապիան Տելֆն էր, իսկ թատերավայրերը` անգլիական Ասթոն Վիլլա եւ Մանչեսթըր Սիթի ակումբները:

Ֆապիան Տելֆ պաշտօնապէս յայտարարելէ ետք, թէ ինք հաւատարիմ կը մնայ Ասթոն Վիլլայի եւ իր ապագան կը կապէ այդ ակումբին, յանկարծ, միայն քանի մը օր ետք, միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի, բոլոր ժամանակներու փոխանցումներու վէպի գիրքին մէջ մնայուն տեղ մը նուաճելով:

Ուրեմն, ութ օր տեւած մեքսիքական պատկերասփիւռային հաղորդաշարը, որ իրաւամբ կարելի է հայկական երգին բառերով անուանել «Կ՛երթամ թէ չէ», հետեւեալ պատումով ընթացաւ (ընդմիջումներուն` ծանուցումներու դադարներով).

Ուրբաթ, 10 յուլիս  2015

Ասթոն Վիլլայի «Թուիթըր»-ի էջին վրայ հրապարակուեցաւ նկար մը, ուր ակումբի քանի մը մարզիկներ, որոնց շարքին` Ֆապիան Տելֆ, կը ներկայացնեն Ասթոն Վիլլայի յառաջիկայ եղանակին տարազը: Նոյն օրը անգլիական լրատու քանի մը հեղինակաւոր աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Ֆապիան Տելֆ Մանչեսթըր Սիթի ակումբին մէջ բժշկական քննութիւններու պիտի ենթարկուի (նախապայման`մարզիկի մը փոխանցումին համար): Նաեւ նշուեցաւ 15 միլիոն տոլարի մասին:

«Ֆապիան Տելֆ կ՛ակնկալուի, որ լքէ Ասթոն Վիլլան եւ միանայ Մանչեսթըր Սիթիի, յառաջիկայ 24 ժամերուն ընթացքին», նոյն օրը գրուած էր «Պի.Պի.Սի.»-ի «Թուիթըր»-ի էջին վրայ: Սակայն կարգ մը համակիրներ մատնանշեցին Ֆապիան Տելֆի յայտարարութիւնները, երբ ան յունուարին Ասթոն Վիլլայի հետ ստորագրեց չորս տարուան նոր համաձայնագիր մը: «Անկարելի է, որ ես լքեմ: Ես հոս պիտի մնամ երկար ատեն» յայտարարած էր Տելֆ:

Շաբաթ, 11 յուլիս

Տեղի ունեցաւ շաբթուան առաջին շրջադարձը, երբ Տելֆ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, Ասթոն Վիլլայի կայքին ընդմէջէն: Ասթոն Վիլլայի խմբապետ Ֆապիան Տելֆ հաստատեց, որ պիտի մնայ ակումբի կազմին մէջ եւ յառաջիկայ եղանակին պիտի գլխաւորէ խումբը: Ան ըսաւ. «Տեղեակ եմ իմ ապագայիս մասին տեղեկատու միջոցներու վերջին 24 ժամերու տարաձայնութիւններուն: Կ՛ուզեմ վերջնականապէս յստակացնել. ես պիտի չմեկնիմ, պիտի մնամ եւ անհամբեր կը սպասեմ յառաջիկայ եղանակին գլխաւորելու այս մեծ ակումբը»:

Թէեւ ոմանք հարցականի տակ առին «աւելի մեծ» ակումբի մը փոխանցուիլը մերժելու անոր որոշումը, սակայն այլ համակիրներ ողջունեցին, գովեցին անոր այս քայլը: «Ֆապիան Տելֆ մերժած է Մանչեսթըր Սիթի փոխանցումը` Ասթոն Վիլլա մնալու համար: Արդար խաղ Տելֆին, որ ասպարէզը դրամէն վեր կը դասէ», 11 յուլիսին գրած է միամիտ համակիր մը:

Երեքշաբթի, 14 յուլիս

Ասթոն Վիլլայի մարզիչ Թիմ Շերվուտ յայտարարեց. «Տելֆ ինծի բնաւ չէ նշած, որ կ՛ուզէ լքել ակումբը»: Ուրեմն ամէն բան բնականոն եւ լաւ կ՛ընթանար Ասթոն Վիլլայի մէջ: Նոյն օրը Տելֆ ճամբորդեց Փորթուգալ, ուր միացաւ իր խմբակիցներուն, որոնք կը մարզուէին:

Ուրբաթ, 17 յուլիս

Ապա եկաւ երկրորդ շրջադարձը. Տելֆ փոխեց իր միտքը: Շշուկները, որոնք կը նշէին, թէ ան պիտի միանայ Մանչեսթըր Սիթիի, ուրբաթ առտու կանուխ յայտնուեցան, երբ սրատես համակիր մը «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Արդեօք ես Տե՞լֆը տեսած եմ, որ Մանչեսթըր Սիթի կ՛երթար բժշկական քննութեան համար»: Քիչ ետք հաղորդուեցաւ, որ Ֆապիան Տելֆ փոխան 15 միլիոն տոլարի միացած է Մանչեսթըր Սիթիի:

Հաւատարմութեան համար շռայլ գովասանքներու արժանացած մարզիկը, քանի մը օրուան մէջ իր  փոփոխամտութեան համար, անարգանքի պատին գամուեցաւ: Իսկ Մանչեսթըր Սիթին այսպիսի փոփոխամիտ եւ անվստահելի մարզիկ մը պիտի յաջողի՞ կառավարել: Անշուշտ այո, որովհետեւ Տելֆ իր խղճի ձայնէն աւելի, լսած է «Քապարէ» շարժապատկերին մէջ Լայզա Մինելլիի երգածը… «Մանի-մանի-մանի-մանի-մանի-մանի…»:

 

 

 

Նախորդը

«Եուրօ-2016». Նուաճումներ Եւ Անակնկալներ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի

Մայիս 21, 2025
«Եուրոփա Լիկ»-ի Աւարտականին.  Թոթենհամ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ»-ի Աւարտականին. Թոթենհամ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Մայիս 21, 2025
Մեսսի Ուրախ Չէ…
Մարզական

Մեսսի Ուրախ Չէ…

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?