Հայաստան – Դանիա այսօրուան մրցումին ընդառաջ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Դանիոյ մարզիչ Մորթեն Օլսեն, անդրադառնալով Սերպիա – Հայաստան մրցումին, ըսաւ. «Շատ բաց խաղ էր. հաւասար կարելիութիւններով մրցում էր: Հայաստան միայն մէկ կէտ ունի, սակայն կրնար աւելին ունենալ: Մեր խմբակին մէջ բոլոր մրցումները դժուար եղան: Հայաստան բաւական ճկուն խումբ է եւ ճիշդ խաղալու աւանդութիւններ ունի»:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին նաեւ Դանիոյ միջնապահներ Եաքուպ Փուլսեն եւ Թոմաս Տելանի:
Եաքուպ Փուլսեն ըսաւ. «Հայաստանի հաւաքականը կորսնցնելու ոչինչ ունի եւ պիտի յարձակի»:
Թոմաս Տելանի. «Պէտք չէ թոյլ տանք, որ Հայաստանի հաւաքականը անկաշկանդ գործէ: Ես ծանօթ եմ Հայաստանի հաւաքականին. կայ Մովսիսեան, որ շատ լաւ կը գործէ յառաջապահ գիծին վրայ: Ան կոլի վարպետ է: Ինչ կը վերաբերի Մխիթարեանին, ան որեւէ իրավիճակի մէջ կրնայ որակ հաղորդել խաղին եւ վճռել ելքը»: