Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոլ Մը Իւրաքանչիւր 142 Երկվայրկեանի Մէջ, Եւ Դեռ Բերդապա՞հ Կ՛ուզեն Ըլլալ

September 9, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԵՐԴ_9-08-15

270 վայրկեան ֆութպոլ խաղալով` 114 կոլեր ստանալ. կը թուի, թէ Միքրոնեզիոյ բերդապահը ըլլալը աշխարհի ամէնէն դժուար պաշտօնն է:

Խաղաղականեան վերջին խաղերուն ընթացքին գնդակը բերդէն դուրս բերուեցաւ իւրաքանչիւր 142 երկվայրկեանը անգամ մը:

Սակայն, հակառակ 30-0 Թահիթէէն, 38-0 Ֆիճիէն եւ 46-0 Վանաթուէն (աշխարհի 200-րդ դասուած) ջախջախուելուն, ամօթը հռչակի վերածուեցաւ Միքրոնեզիոյ թիւ 1-ին` բերդապահին համար:

Իբրեւ արդիւնք,այժմ մարդիկ շարքի կեցած են ստանձնելու բերդապահութիւնը ֆութպոլի ազգային հաւաքականին` երկրի մը, որուն բնակչութիւնը միայն հարիւր հազար է:

Միքրոնեզիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տոմինիք Հատտատ, մրցաշարքի իրենց երկրորդ մրցումին Բ.կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ իբրեւ բերդապահ եւ այդ դիրքին վրայ ալ մնաց մինչեւ մրցաշարքի վերջին խաղը:

«Ծիծաղելի է, որովհետեւ այլ դիրքերու  քանի մը մարզիկներ ըսին, որ իրենք այժմ պիտի փորձեն բերդապահ ըլլալ», ըսաւ Միքրոնեզիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիչ Սթան Ֆոսթըր, «Պի.Պի.Սի.»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ:Ան աւելցուց. «Ասիկա, որովհետեւ երբ մեր բերդապահները ստոյգ կոլէ մը կը փրկեն բերդը,անոնք մեծ գովասանքներ եւ պարգեւներ կը ստանան ոչ միայն համակիրներէն, այլեւ իրենց խմբակիցներէն: Ասիկա հիանալի է: Այդ քաջալերանքին շնորհիւ, այլ անձեր մտածած են,որ  թերեւս այնքան ալ գէշ չէ բերդապահ ըլլալը:

Անշուշտ շատ աշխատանք ունիս ընելիք,եթէ Միքրոնեզիոյ բերդապահն ես: Բայց արդեօ՞ք մարզիկներուն բարոյական կորովը ծանր հարուած ստացած է իրենց առաջին իսկ մրցաշարքէն ետք:

«Անոնք շատ անհամբեր էին վերադառնալու եւ մարզումները կրկին սկսելու: Իսկապէս: Անոնք այժմ շատ նուիրուած են: Չեն ուզեր կրկին այդ արդիւնքները արձանագրել», կը պնդէ մարզիչը:

Բայց քննադատութի՞ւնը, տխրահռչակ դառնա՞լը… խումբը խնդուքի առարկայ դարձա՞ծ է:

«Մարզիկները երբ հաւաքուեցան, ես անոնց ըսի, որ  Դաւիթի եւ Գողիաթի մրցաշարք պիտի ըլլայ», ըսաւ աւստրալիացի մարզիչը: Ան աւելցուց. «Անոնք զարգացման ուղեւորութեան մը մէջն են, եւ մեծ յառաջդիմութիւն նկատած եմ ամսուան մը մէջ:

Բազմաթիւ մարզիկներ գաղափար չունին իրենց կղզիէն դուրս գտնուող աշխարհին մասին: Իմ մարզիկներէս ոմանց ստիպուած եղայ ցոյց տալու, թէ վերելակը եւ շարժական աստիճանները ինչպէ՛ս կ՛օգտագործեն: Այնպէս,որ անոնք այս մրցաշարքէն կը վերադառնան այնպիսի հսկայ փորձառութեամբ մը, որ բնաւ պիտի չունենային,եթէ ֆութպոլ չխաղային»:

 

 

Նախորդը

Յովսէփեան. «Գերազանց Ֆութպոլ Խաղացինք»

Յաջորդը

Օզպիլիս. «Թրքական Ակումբներու` Իմ Նկատմամբ Հետաքրքրութեան Լուրերը Բամբասանք Են»

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.