Հովանաւորութեամբ Ալէյի քաղաքապետարանին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 6 սեպտեմբերին «Ալէյ» ակումբին մէջ տեղի ունեցան արագ ճատրակի Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց մասնակցեցան 79 մարզիկներ:
ՀՄԸՄ-ի կազմը բաղկացած էր հինգ անդամներէ` Քնարիկ Մուրատեան, Ռաֆֆի Ճիկերեան, Ժիրօ Օգնայեան, Հրակ Լախեան եւ Ճիօ Գալուստ:
Եօթը հանգրուաններէ բաղկացած այս մրցումներուն աւարտին, հինգ մարզիկներ 6-ական կէտ նուաճելով գրաւեցին առաջին դիրքը: Ուրեմն տեղի ունեցան լրացուցիչ մրցումներ, որոնց ընթացքին Քնարիկ Մուրատեան յաղթանակ մը եւ երկու հաւասարութիւն արձանագրելով, Ահմետ Նաժժարի հետ գրաւեց երրորդ դիրքը, Ժիրօ Օգնայեան 5 կէտով հանդիսացաւ 12-րդ: Րաֆֆի Ճիկերեան, Ճիօ Գալուստ եւ Հրակ Լախեան` յաջորդաբար ստացան 4.5 , 4 եւ 3 կէտեր: