ԹՈՐԳՈՄ

Քսանամեայ Ռահիմ Սթերլինկ բոլոր ժամանակներու անգլիացի ամէնէն սուղ վաճառուող ֆութպոլիստը եղաւ, երբ փոխան 76.4 միլիոն տոլարի միացաւ Մանչեսթըր Սիթի ակումբին:
Սթերլինկի ասպարէզը ինչպէ՞ս կը համեմատուի աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստներ` Մեսսիի, Ռոնալտոյի եւ Ռունիի հետ: Անոնց, ո՞ր նուաճումները ինք կը յուսայ գերազանցել: Այս եւ նման այլ հարցումներու պատասխանները պիտի տրուին յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին: Սակայն հետաքրքրական կ՛ըլլայ կարգ մը տուեալներու նշումը:
Մեսսի իր առաջին մրցումը Պարսելոնայի հիմնական կազմին մէջ խաղաց 16 տարեկանին:
Սթերլինկ, նոյն տարիքին, 5 կոլ նշանակեց, երբ Լիվըրփուլ 9-0 արդիւնքով յաղթելով Սաութենտի` նուաճեց Անգլիոյ երիտասարդական բաժակը:
Ռունի Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ամէնէն կրտսեր կոլ նշանակողը եղաւ 16 տարեկանին:
Ռունի 17 տարեկանին Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ամէնէն կրտսեր կոլ նշանակողը եղաւ:
Սթերլինկ նոյն տարիքին իր առաջին մրցումը խաղաց Անգլիոյ հաւաքականէն:
Մեսսի եւ Ռոնալտօ իրենց երկիրներու հաւաքականներուն առաջին անգամ մաս կազմեցին 18 տարեկանին:
Սթերլինկ 19 տարեկան էր, երբ անցեալ տարի մասնակցեցաւ Մոնտիալին, եւ 2015-ի յուլիսին միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի:
Անշուշտ Մեսսի, Ռոնալտօ եւ Ռունի վերջին 8-10 տարիներուն նուաճեցին բազմաթիւ կոչումներ, մրցանակներ, մետալներ, ախոյեանութիւններ, բաժակներ եւ անխուսափելիօրէն… բաւական «կոկիկ գումարներ»…:
Սթերլինկ այժմ 20 տարեկան է եւ արդէն` միլիոնատէր…
Կ՛ակնկալուէր, թէ պէտք է տեսած ըլլար, որ «կոկիկ գումարներ»-ը չեն խանգարած Մեսսիի, Ռոնալտոյի եւ Ռունիի խաղարկութիւնը:
Սակայն ըստ երեւոյթին չէ տեսած, որովհետեւ այս փոխանցումին նախորդած ամիսներուն տարօրինակ վերաբերում եւ խաղարկութիւն կը դրսեւորէր մրցումներու ատեն, դժգոհ ձգելով Լիվըրփուլի համակիրները, որոնք զինք կը պաշտէին եւ մեծ ակնկալութիւններով կը սպասէին…
Յայտնի էր, որ Սթերլինկի գործավարը «գործի մարդ» էր, գործարարներու հետ բանակցութիւններ կը վարէր, դրամին ձայնը հասած էր Սթերլինկի ականջին, հոտը` քիթին, համը` լեզուին… խանգարելով տրամաբանութիւնը:
Երբ մարզիկներ փոքր տարիքին եւ արագօրէն միլիոնատէր կը դառնան, անպայման բան մը կը խախտի, եթէ գնդակին փոխարէն շեշտուած ձեւով վազեն միայն փառքի եւ «կոկիկ գումարներու» ետեւէն: