Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ, ֆրանսական «լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը անդրադարձաւ արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնայի կատարած մէկ յայտարարութեան, որուն մէջ ան սովորականին նման դարձեալ կարծր արտայայտութիւններ ունեցած է ֆութպոլի ղեկավարներ Սեփ Պլեթըրի եւ Միշել Փլաթինիի հասցէին:
Իր յայտարարութեան մէջ Մարատոնա ըսած է. «Պլեթըր ամբողջ աշխարհը գողցաւ: Ան պէտք է բանտարկուի, որովհետեւ գող է: Իսկ ինչ կը վերաբերի Փլաթինիի, ան խաբեբայ մըն է, որովհետեւ Պլեթըր անոր սորվեցուցած է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ստել»: