Այսօր` հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը «Լա Քրեփերի»-ի մէջ (Քասլիք) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 23 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբերին` Չինաստանի մէջ: