Չելսիի նախկին միջնապահ Ֆրանք Լամփար իր առաջին կոլը նշանակեց «Մէյճըր լիկ»-ի ախոյեանութեան մրցումներուն, երբ անոր կազմը` Նիւ Եորք Սիթի, 2-0 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթոյի, «Եանքի Սթատիում»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին:
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին մարզիկը իր հինգերորդ մրցումը կը կատարէր Նիւ Եորքի հետ:
Նշենք, որ Լամփար 37 տարեկան է: