Իրանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, Իսթիղլալ իր դաշտէն դուրս 2-0 արդիւնքով յաղթեց Կոսթարեշի:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Իսթիղլալի յետսապահ Հրայր Մկոյեան թէեւ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, սակայն ան 22-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, յայտնեց ArmSport.am:
Ըստ նախնական տուեալներու, Մկոյեան վնասուածք ստացած է: Անոր ապաքինման մասին ցարդ յստակ տեղեկութիւններ չկան:
Իսթիղլալ, որ կատարած է 5 մրցում, այժմ 12 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը: