Պարսելոնայի նախկին յետսապահ Էրիք Ապիտալ որոշեց սկսիլ նոր` մարզիչի ասպարէզին, յայտնեց «Սփորթ» կայքը:
Ան արդէն իսկ սկսած է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մարզիչի դասընթացքներուն:
Սակայն հակառակ ասոր, 36 տարեկան Ապիտալ անմիջապէս չ՛ուզեր գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնել:
Ան կը յայտնէ, որ ներկայ հանգրուանին կ՛ուզէ գլխաւոր մարզիչի մը օգնականը դառնալ:
Նշենք, որ սպանական մամուլին կողմէ տարածուած մէկ լուրին համաձայն, Ապիտալ շատ հաւանաբար իր աշխատանքին սկսի Պարսելոնայի ակադեմիայէն: