Հովանաւորութեամբ նախկին նախարար Միշել Էտտէի, հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Նոթրը Տամ-Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին, շաբաթ, 19 սեպտեմբերին կը սկսի Պէյրութի միջազգային ճատրակի 8-րդ բաց մրցաշարքը:
Այս մրցաշարքը, որ կ՛աւարտի 28 սեպտեմբերին, կը կրէ հանգուցեալ ճատրակ խաղացող Քընիհոյի անունը եւ անոր մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 7 հազար ամերիկեան տոլար: Տիտղոսին տիրացողը կը ստանայ հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական ձեւով, ընդամէնը` 9 հանգրուան: Իւրաքանչիւր խաղացողի համար 90 վայրկեան, ապա` իւրաքանչիւր շարժումի համար 30 երկվայրկեան:
Արձանագրութիւնները կ՛աւարտին 17 սեպտեմբերին (տեղացի եւ օտար):
Նշենք, որ այս մրցաշարքը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ 2004-ին եւ անոր տիտղոսին տիրացաւ հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան:
Քոթանճեան անոր տիտղոսին տիրացաւ նաեւ 2008-ին եւ 2012-ին, մինչ 2013-ին մրցաշարքին տիտղոսակակիրը դարձաւ ուքրանացի Ալեքսանտր Նոսնքուի հետ: