Մարզական

Հիշամ Ժարուտիի Պասքեթպոլի Աղջկանց Բաժակի Մրցաշարք.  Ռիատի Յաղթանակով Սկսաւ Մրցաշարքը

Հիշամ Ժարուտիի Պասքեթպոլի Աղջկանց Բաժակի Մրցաշարք. Ռիատի Յաղթանակով Սկսաւ Մրցաշարքը

Ռիատի - Փանաթինայքոս երէկուան մրցումէն Նախորդ շաբաթավերջին Մանարայի մէջ (Ռիատի) սկսաւ Հիշամ Ժարուտիի անուան պասքեթպոլի աղջկանց առաջին մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին ԶՔՔ Աթլերէ Քելժէ, Փանաթինայքոս, ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Սի. Պատել 1862 եւ Ռիատի Պէյրութ: Մրցաշարքը կազմակերպող ակումբը յաղթանակով սկսաւ իր ելոյթներուն` 76-56 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քելժէն: Ռիատիէն Ռեպեքա Աքըլ նշանակեց 20 կէտ, մինչ անոր խմբակից Պրիթնէյ Տենսըն` 17 կէտ եւ 16...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Բաժակի Մրցաշարքին Վիճակաձգութիւնը 23 Սեպտեմբերին

23 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի 2015-2016 տարեշրջանի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Մրցաշարքին կը մասնակցին հետեւեալ 8 խումբերը. Փիւնիկ, Ուլիս, Շիրակ, Ալաշկերտ, Միքա, Բանանց, Գանձասար եւ Արարատ:

Ճատրակ. Պէյրութի Միջազգային 8-րդ Մրցաշարք. Քոթանճեան Եւ Մուրատեան` Յառաջատարներուն Կարգին

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Նոթրը Տամ - Ֆրեր Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին մէջ սկսաւ Պէյրութի ճատրակի միջազգային 8-րդ մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին 84 ճատրակ խաղացողներ: 2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք յառաջատարները բազմաթիւ են` նկատի ունենալով, որ շատեր արձանագրած են երկու յաղթանակ: Յառաջատարներուն կարգին են հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան եւ Լիբանանի ու արաբական աշխարհի նախկին ախոյեան, միջազգային վարպետ Քնարիկ Մուրատեան: Նշենք, որ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, մեծագոյն անակնկալը արձանագրուեցաւ Անգլիոյ մէջ, ուր պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ուեսթ Համէն, յաջորդական հինգ յաղթանակներէ ետք: Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները. ԱՆԳԼԻԱ. 6-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. Չելսի - Արսենալ 2-0   Պուրնըմաութ - Սանտըրլենտ 2-0   Ասթոն Վիլա - Ուեսթ Պրոմուիչ 0-1   Նիւքասըլ -...

Գէորգ Ղազարեանի Հրաժարագինը` 10 Միլիոն Եւրօ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան ներկայ դրութեամբ կը հանդիսանայ փորթուգալեան Մարիթիմոյի ամէնէն արժէքաւոր ֆութպոլիստը, կը յայտնէ TotalFootball.am: «Ռեքորտ» կայքը կը հաղորդէ, որ նոր պայմանագիրով Ղազարեանի հրաժարագինը կը կազմէ 10 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան ցարդ տեղի ունեցած 4 մրցումներուն բոլորին ալ մասնակցելով, Ղազարեան դարձած է 2 կոլի հեղինակ:  

Դաւիթ Արշակեան` Կոլի Հեղինակ

Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Թրաքայ իր դաշտին վրայ 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Աթլանթասը: TotalFootball.am կը հաղորդէ, որ Թրաքայի կազմէն ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի թեկնածու Դաւիթ Արշակեան, որ մրցումին 17-րդ վայրկեանին յաջողեցաւ կոլ մըն ալ նշանակել` արդիւնքը դարձնելով 3-1: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Թրայքայ 62 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` 5 կէտով...

Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին.  «Պէտք Չէ Մեր Ետին Նայինք. Մեր Նպատակը Պէտք Է Ըլլայ Լաւ Արդիւնք Արձանագրել Ասիոյ Ախոյեանութեան»  Ըսաւ Ուալիտ Նասսար

Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. «Պէտք Չէ Մեր Ետին Նայինք. Մեր Նպատակը Պէտք Է Ըլլայ Լաւ Արդիւնք Արձանագրել Ասիոյ Ախոյեանութեան» Ըսաւ Ուալիտ Նասսար

Ուալիտ Նասսար PROFOTO Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 23 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբեր, Չինաստանի մէջ: Իր տուած յատուկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք պիտի մեկնին Չինաստան: Այդ մարզիկներն են` Ժան Ապտել Նուր (խմբապետ), Ամիր Սէուտ, Մոհամետ Ալի Հայտար, Ուաէլ Արաքժի, Ժոզեֆ...

Ճատրակ. Պէյրութի Միջազգային 8-րդ Մրցաշարքին Կը Մասնակցին 84 Խաղացողներ

Տիգրան Քոթանճեան Այսօր` շաբաթ, 19 սեպտեմբերին կը սկսի Պէյրութի ճատրակի 8-րդ միջազգային բաց մրցաշարքը կազմակերպիչ ակումբին Նոթր Տամֆրերի մէջ, Ֆըրն Շըպպեք: Մրցաշարքը կ՛աւարտի 28 սեպտեմբերին: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 84 խաղացողներ` 13 երկիրներէ: Անոնցմէ 56-ը դասուած մարզիկներ են: Անոնց կարգին են 9 կրանտմասթըրներ: Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որուն վարկանիշն է...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Չելսի – Արսենալ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, շարք մը մրցումներ պիտի ըլլան հետաքրքրական: Ուշագրաւ պիտի ըլլայ լոնտոնեան քաղաքի տերպին, որուն ընթացքին Չելսի պիտի հիւրընկալէ Արսենալը: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 6-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ            ԺԱՄ Չելսի (17) - Արսենալ (4) 14:45 Պուրնըմաութ (16) - Սանտըրլենտ (19) 17:00 Ասթոն Վիլա (15) -...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Յաղթեց Մոլտովայի

Երէկուան մրցումէն Երէկ երեկոյեան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, որուն ընթացքին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը իր երկրորդ ճակատումը կատարեց Մոլտովայի դէմ: Հայաստան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտուած էր նոյնինքն Մոլտովայէն, երէկ 1-0 արդիւնքով յաղթեց անոր: Մրցումին միակ կոլը փենալթիով նշանակեց Դաւիթ Մարտիրոսեան, 57-րդ վայրկեանին:

Վարանց Պզտիկեան Հանդէս Պիտի Գայ Նըժմէէն

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Վարանց Պզտիկեան, պայմանագիր մը ստորագրած է լիբանանեան Նըժմէ ֆութպոլի ակումբին հետ: Նշենք, որ Պզտիկեան Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականէն ելոյթ ունեցած է մինչեւ 2010: Հայկական աղբիւրը իր տուած այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Նըժմէի մարզական տնօրէնը եւ երիտասարդական խումբին մարզիչն է Արմէն Սանամեան:  

Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին.  Պասքեթպոլի Յատուկ Փորձեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին. Պասքեթպոլի Յատուկ Փորձեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

  Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի, շաբաթ, 19 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ աղջկանց պասքեթպոլի յատուկ միջոցառում մը, որուն հրաւիրուած են բոլորը, ինչ տարիքի որ ալ ըլլան անոնք: Պասքեթպոլի այս փորձերուն նպատակն է տեսնել իւրաքանչիւր մարզիկի ունեցած յատկութիւնը, անոնց մօտ գտնուող ճկունութիւնը եւ բնականաբար անոնց մօտ եղող ձիրքն ու տաղանդը:...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Քեչեպաշեան – Քէշիշեան Զոյգը Հանդիսացաւ Երկրորդ

Լարա Քեչեպաշեան (ձախին) եւ Նոել Քէշիշեան Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց զոյգի ախոյեանութիւնը: Տիտղոսին տիրացաւ Մարիանա Սահակեան - Մալեք Խուրի (Նատուա Քամաթիէ) զոյգը, որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով (8-11, 11-4, 11-6 եւ 11-8) յաղթեց Նոել Քէշիշեան - Լարա Քեչեպաշեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) զոյգին: Կիսաւարտականին ՀՄԸՄ-ի աղջիկները 3-1 արդիւնքով յաղթեցին Ռիթա...

Հրաչ Եաքան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Սերվեթի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին միջնապահ Հրաչ Եաքան իր առաջին կոլը նշանակեց Սերվեթի հետ, կը յայտնէ ArmSport.am: Զուիցերիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սերվեթ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ցիւրիխ-2-ին: Ներկայ դրութեամբ Սերվեթ 3-րդ դիրքին վրայ է եւ մէկ կէտով միայն ետ կը մնայ յառաջատարներէն: Նշենք, որ Եաքան նախորդ մարտին միացաւ Սերվեթի:

Ռամոս 2-Էն 3 Շաբաթ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ եւ Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս 2-էն 3 շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը: Ռամոս Շախտիոր Տոնեցքի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ Ռէալ Մատրիտի կատարած մրցումին վիրաւորեց իր ուսը: Ֆութպոլիստը լաւապէս ինքզինք վերագտնելու համար պէտք ունի 10 օրէն 3 շաբթուան ժամանակամիջոցի մը:  

Պասքեթպոլ. WNBA-ի 2015-ի Լաւագոյն Մարզիկը` Էլենա Տելլէ Տոնն

Միացեալ Նահանգներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան (WNBA) 2015-ի լաւագոյն մարզիկը ճանչցուեցաւ Շիքակօ Սքայի մաս կազմող Ելենա Տելլէ Տոնն, որ քուէարկութեան մասնակցած 39 լրագրողներէն 38-ին ձայնը ստացաւ: 26 տարեկան Էլենա, ախոյեանութեան մրցումները աւարտեց միջին հաշիւով` մէկ մրցումի ընթացքին նշանակելով 23,4 կէտ, 8,4 ռիպաունտ եւ 1,4 էսիսթ: Մէկ ձայն ստացաւ Մինեսոթայի մաս կազմող Մայա Մուր, որ նախորդ տարի ստացած էր այս տիտղոսը: 3-րդ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արարատ Իր Մրցումները Պիտի Կատարէ Հանրապետական Մարզադաշտին Վրայ

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Իր Մրցումները Պիտի Կատարէ Հանրապետական Մարզադաշտին Վրայ

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Արարատ այսուհետեւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին այն մրցումները, որ պիտի կատարէր իր դաշտին վրայ, պիտի կատարէ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ: Նշենք, որ նախապէս Արարատի դաշտը կը նկատուէր Հրազդանը, որ այժմ սնանկացած ճանչցուած է:  

Պրազիլի Ֆութպոլի Խումբին Ամէնէն Շատ Ճանչցուած Համակիրը Մահացաւ

Քլովիս Աքոսթա Ֆեռնանտեզ, որ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին ամէնէն շատ ճանչցուած համակիրն է, մահացաւ 60 տարեկան հասակին, յայտնեց պրազիլական մամուլը: Քլովիս Աքոսթա 7 մոնտիալներու ընթացքին Պրազիլի կատարած մրցումներուն ներկայ գտնուած է, 150 մրցումի հետեւած է թրիպիւնէն` 60 տարբեր երկիրներու մէջ: Վերջին 9 տարիներուն ան կը պայքարէր քաղցկեղի դէմ:

Մեսսի Կտրեց Ռաուլի Հաստատած Մրցանիշը

Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նախանցեալ օր տեղի ունեցած Ա. Էս. Ռոմայի դէմ կատարուած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ»), թէեւ իր կազմին հետ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, սակայն ան յաջողեցաւ կտրել Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալեսի հաստատած մրցանիշը: Մեսսի, որ իր 100-րդ մրցումը կատարեց այս մրցաշարքին գծով, դարձաւ ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը (28 տարեկան, 84 օր), որ այսքան մրցում կը կատարէ: Նախապէս...

Ռաֆինիա Ալքանթարալ Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պարսելոնայի միջնապահ Ռաֆինիա Ալքանթարա, որ նախանցեալ օր Ա. Էս. Ռոմայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») դաշտ ներկայանալէ մէկ վայրկեան ետք վիրաւորեց իր աջ ծունկը` բախում ունենալէ ետք մրցակից կազմի միջնապահ Ռատժա Նայնկոլանի հետ, յառաջիկայ օրերուն ընթացքին պիտի ենթարկուի ծունկի վիրաբուժութեան: Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ պրազիլցի միջազգային մարզիկ Ռաֆինիա Ալքանթարա վեց ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Նշենք, որ Ռաֆինիա...

Page 1181 of 1275 1 … 1,180 1,181 1,182 … 1,275

Արխիւներ