Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ 2024-ի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին հետեւեալ քաղաքները. Լոս Անճելըս, Հռոմ, Փարիզ, Համպուրկ եւ Պուտափեշթ:
Այդ ցանկէն դուրս մնացած, բայց իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին նաեւ Պաքու, Թորոնթօ եւ Հնդկաստանի Ահմատապատ քաղաքը: