Երէկ` չորեքշաբթի, Պաքուի մէջ շարունակուեցաւ ՖԻՏԷ-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը, որ ինչպէս ծանօթ է, տեղի կ՛ունենայ նաք-աութի դրութեամբ:
2-րդ հանգրուանի թայ-պրէյքի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան երկու արագ հանդիպումներով (25+10) զիջելով ուքրանացի Ալեքսանտր Արեշչենքոյին (2-0), իր կարգին դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Այսպիսով, մրցաշարքին մասնակցող Հայաստանի ներկայացուցիչներ չմնացին:
Աւելի առաջ Պաքուէն հեռացած էին Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, եզրափակեց ArmSport.am: