Մակեդոնական Վարտար խումբը եւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Միրանեան իրարու հետ իրենց ունեցած համագործակցութիւնը դադրեցուցին, կը յայտնէ ակումբին պաշտօնական կայքը:
ArmSport.am յայտնեց, որ Միրանեան նախորդ տարի Վարտարին միացած էր Շախտիոր Տոնեցքի 2-րդ խումբէն:
Նշենք, որ Միրանեան Վարտարի հետ դաշտ ներկայացաւ ընդամէնը 12 մրցումի: