Շատ հաւանական է, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն կատարուի տարիքային սահմանափակում, ըստ որուն, ՖԻՖԱ-ի նախագահի պաշտօնին վրայ եղող անձը 12 տարիէն աւելի չի կրնար մնալ իր պաշտօնին վրայ:
Նոր նախագիծին համաձայն (անշուշտ եթէ վաւերացուի), պաշտօնավարութեան ընթացքին այդ անձին տարիքը պէտք չէ գերազանցէ 74 տարեկանը:
Նշենք, որ իր հրաժարականը տուած գործող նախագահ Սեփ Պլեթըր այժմ 79 տարեկան է եւ կը պաշտօնավարէ… 17 տարիէ ի վեր: