Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ Թոմաս Թիւխել երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան թէեւ նախանցեալ օր իր մասնակցութիւնը չբերաւ Կապալայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Եուրոփա լիկ»), սակայն ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նոյն կազմին դէմ տեղի ունենալիք դարձի մրցումին, որ պիտի կատարուի Գերմանիոյ մէջ:
Նշենք, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած այդ մրցումին Տորթմունտ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: