Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 23 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենան 4 մրցումներ:
Ա. դասակարգի 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սաժես կը մրցի Սաֆայի դէմ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, մինչ Թրիփոլիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ Թրիփոլի կը մրցի Իժթիմահիի դէմ: Երկու մրցումներն ալ կը սկսին յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին:
Նշենք, որ Իժթիմահի եւ Սաֆա յաղթանակով սկսան տարեշրջանը, Թրիփոլի` հաւասարութեամբ, մինչ Սաժես` պարտուեցաւ:
Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգի մրցումներուն, այսօր Սուրի մէջ Թատամոն Սուր կը հիւրընկալէ Ահլի Նապաթիէն, իսկ Սայտայի մէջ Ահլի Սայտա` Ամալ Մաարաքէն: Այդ մրցումները եւս պիտի սկսին յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին:
Նշենք, որ առաջին մրցումին իրարու դէմ ճակատողները արձանագրած են մէկական յաղթանակ, մինչ երկրորդին պարագային երկուքն ալ պարտութեամբ սկսած են տարեշրջանը:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 25 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրը ըլլալով Իսլահ Պըրժ Շիմալիի: