
Սպանիոյ ֆութպոլի հսկաներէն` Ռէալ Մատրիտ եօթը տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին կոլ չկրցաւ նշանակել, երբ նախանցեալ օր 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:
41-րդ մրցումին ան ձախողեցաւ ցնցել իր մրցակիցին բերդը:
Վերջին անգամ նոյեմբեր 2008-ին ան խաղադաշտէն հեռացած էր առանց կոլ նշանակելու, երբ 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Եուվենթուսէն:


