Լիթուանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Թրաքայ իր դաշտէն դուրս 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ քառորդ աւարտականին պարտութեան մատնեց Աթլաթասը:
Յաղթական կազմին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց հայ յառաջապահ Դաւիթ Արշակեան, յայտնեց ArmSport.am:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 3 նոյեմբերին:
Նշենք, որ թէեւ վերջին շրջանին Արշակեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքական, սակայն փաստաթուղթերու հարցերու պատճառով անոր նորամուտը կը ձգձգուի: