Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ֆրանսական Օլիմփիք Մարսէյի յետսապահ Կայէլ Անտոնեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Տիժոնի հետ, կը յայտնէ «Լա Փրովանս»:
Աղբիւրին համաձայն, 20 տարեկան ֆութպոլիստը փոխ տրուեցաւ Տիժոնի, որ մաս կը կազմէ ֆրանսական «Լիկ-2»-ին:
Լուրը հաղորդող TotalFootball.am կայքը կ՛աւելցնէ, որ Տիժոն ցարդ չհաստատեց տեղեկութիւնները այս տեղափոխութեան մասին:
Նշենք, որ «Լիկ-2»-ին մէջ Տիժոն 22 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: