
Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին, Ալիանսա Լիմա իր դաշտին վրայ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ալիանսա Աթլեթիքոյին:
Հայ յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէոզեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, 64-րդ վայրկեանին նշանակեց յաղթական կազմին 3-րդ կոլը:
Այսպիսով, ան յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով կոլ կը նշանակէ իր կազմին հետ:
Նշենք, որ այժմ Ալիանսա Լիմա 11 կէտով կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:


