Շուէտական Հալմաթատ խումբի յետսապահ Մոհամետ Ալի Խան դիմած է տեղւոյն ոստիկանութեան` մահուան սպառնալիքներ ստացած ըլլալուն համար:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ անոր կազմը 1-0 արդիւնքով պարտուած է ԱԻՔ Սթոքհոլմէն, իսկ մրցումին միակ կոլը, կորսուած վայրկեաններուն, սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակած է նոյնինքն Խան` դառնալով ինքնակոլի հեղինակ:
Այդ պարտութեան պատճառով Հալմսթատ չկրցաւ մնալ Ա. դասակարգ եւ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
«Զիս կարելի է ատել, վիրաւորել, բայց կարելի չէ ինծի եւ ընտանիքիս սպառնալ: Զաւակներուս սպառնալը անմարդկային քայլ մըն է: Եղածը շատ ցաւալի է, բայց ֆութպոլի մէջ այսպիսի բաներ կը պատահին: Իմ արհեստավարժ ասպարէզիս ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ինքնակոլի հեղինակ կը դառնամ», անոր խօսքերը կը մէջբերէ TotalFootball.am: