Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2015-ի ճամբու հեծելարշաւի բաժակի մրցաշարքը: Անոր ազդանշանը տրուեցաւ Թապարժայէն, ուրկէ հեծելանւորդները ուղղուեցան դէպի Քֆարեասին եւ Շեքքա, ապա վերադարձան Ժիպէյլ, ուրկէ բարձրացան Մար Շարպել-Աննայա:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 19 հեծելանւորդներ` տարբեր դասակարգերէ, որոնցմէ 14-ը միայն ամբողջացուցին մրցաշարքը:
Մեծերու դասակարգին մէջ Քամալ Շաապան (Շեպիպեթ Սալաաթա), 82 քմ երկարութիւն ունեցող այս մրցումին հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 2 ժամ 40′ 39″ արդիւնք մը:
Աւարտէն քանի մը քիլոմեթր առաջ, Լիբանանի ախոյեան Էլիաս Ապու Ռաշիտ (Աթլեթիքօ Պէյրութ) մրցումը ձգեց կիսատ` առողջական անակնկալ հարց մը ունենալուն պատճառով:
Իսկ երիտասարդներու դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Եուսեֆ Մրատ (Շեպիպեթ Սալաաթա), որ արձանագրեց 2 ժամ 44′ 18″ արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու:
Այլ գետնի վրայ, կիրակի, 1 նոյեմբերին, ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի տարեկան մրցումը` Ռումիէի շրջանէն դէպի Պաապտեթ (11,5 քմ) մայրուղիին վրայ:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեանի: Իսկ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պրումմանայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ` հովանաւորութեամբ Պրումմանայի քաղաքապետութեան: