Հուսամէտտին Հարիրիի յիշատակին նուիրուած տղոց պասքեթպոլի 25-րդ միջազգային մրցաշարքին աւարտականը, որ իրարու դէմ հանեց, Ռիատի Պէյրութը եւ Նաժըմ Սահիլին (Թունուզ), աւարտեցաւ լիբանանեան կազմին յաղթանակով: Վերջինս երկրորդ երկարաձգումէն ետք 116-115 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին եւ այսպիսով տիտղոսին տիրացաւ 15-րդ անգամ ըլլալով:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռիատիի մարզիկ Աարոն Հարփըր (29), ապա անոր խմբակից Ուաէլ Արաքժի (24):
Մրցումին աւարտին Ահմետ Հարիրի, որ կը ներկայացնէր երեսփոխան Պահիա Հարիրին, տիտղոսը յանձնեց Ռիատիի խմբապետ Ժան Ապտելնուրի, մինչ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հեննաուի 2-րդ դիրքին տիտղոսը` Նաժըմ Սահիլիի խմբապետ Ռըտուան Պըն Սլէյմանի, որ միեւնոյն ժամանակ ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը:
Աւարտականին ան նշանակեց 28 կէտ:
Արաքժի ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն կրտսեր մարզիկը, մինչ անոր խմբակից Հարփըր` լաւագոյն կէտեր նշանակողը: