Թերնոփոլի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, դաշտին տէրը` նոյնանուն խումբը, հիւրընկալելով Քարփաթի Լվովը, 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Մրցումին հաշիւը թէեւ բացաւ դաշտին տէրը` 3-րդ վայրկեանին, սակայն այդ կոլէն ետք Քարփաթի Լվովին մաս կազմող Գեղամ Ղադիմեան տուպլէ մը յաջողեցաւ իրագործել: Հայ յառաջապահը 72-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Նշենք, որ Գեղամ Ղադիմեան տուպլէ մը իրագործած էր նաեւ վերջերս` ղազախական Ասթանայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2-1):