Աւելի քան 86 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, նախորդ շաբաթավերջին Մանչեսթըր Սիթի տիրացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին, երբ աւարտականի մրցումին փենալթիներով` 3-1 արդիւնքով յաղթեց Լիվըրփուլին, «Էնֆիլտ»-ի մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով:
Ֆեռնանտինիօ նշանակեց Սիթիի կոլը (49-րդ), իսկ Ֆիլիփ Քութինիօ` Լիվըրփուլի հաւասարութեան կոլը (83-րդ):
Պէտք է ըսել, որ Սիթիի` այս տիտղոսին տիրանալուն մէջ իր մեծ եւ կարեւոր դերը ունեցաւ անոր բերդապահը, որ … 3 փենալթի զսպեց: