
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ 27 փետրուարի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լուէյզին:
Այս մրցումին ՀՄԸՄ-էն կը բացակայէին առաջին հինգին մաս կազմող հիմնական մարզիկներ Ճասթին Թապզ եւ Նատիմ Սուէյտ:
Բնականաբար ասիկա իր վատ անդրադարձը ունեցաւ խումբին ունեցած խաղարկութեան վրայ, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ մրցեցաւ երկու օտարականով, մինչ Լուէյզի` երեք:
ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին ըրաւ մրցումը իր հակակշիռին տակ պահելու համար, սակայն Լուէյզի հետզհետէ սկսաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել:
Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ առիթով մը կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 9-ի (20-11), մինչ Լուէյզի` 12-ի (52-40):
Բայց եւ այնպէս, Լուէյզի տարաւ վերջնական յաղթանակը եւ արձանագրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը` 72-63 արդիւնքով (18-11, 28-34, 44-54 եւ 63-72), պատճառ դառնալով, որ ՀՄԸՄ այս տարեշրջանին կրէ իր երրորդ պարտութիւնը` այս անգամ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
ՀՄԸՄ 27 փորձերէ ետք նշանակեց 6 թրի փոյնթ, մինչ Լուէյզի 19-էն` 4-ը:
ՀՄԸՄ ունեցաւ 19 թըրն օվըր, մինչ Լուէյզի` 22:
ՀՄԸՄ-ի էսիսթները եղան 13, իսկ Լուէյզիինը` 17:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը եւ անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը.
Նորվել Փել (40′ 00″, 14 կէտ, 13 ռիպաունտ), Հայկ Խաչերեան (20′ 03″, 2 կէտ, 2 ռիպաունտ), Ահմետ Իպրահիմ (38′ 47″, 20 կէտ, 2 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ` 12 փորձերէ ետք), Սեւակ Քեթենճեան (39′ 19″, 4 կէտ, 7 ռիպաունտ), Պիլալ Թապպաարա (18′ 29″, 2 կէտ, 4 ռիպաունտ), Պատիհ Սուէյտ (3′ 19″, 1 ռիպաունտ) եւ Տուայն Ճեքսըն (40′ 00″, 21 կէտ, 6 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ` 11 փորձերէ ետք):
Իսկ Լուէյզիէն 23 կէտ նշանակեց Կերոն Ճոնսըն, 22 կէտ` Ուենտըլ Լուիս, իսկ 13 կէտ` Ալեքսանտր Օքաֆոր:
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Ռապպահ Նըժէյմ եւ Ռապիհ Մասրի:
Մրցումը տեւեց 1 ժամ 38 վայրկեան:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Մութթահետ «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ հիւրընկալեց Պիպլոսը:
Մրցումը աւարտեցաւ Մութթահետի յաղթանակով` 96-73 արդիւնքով (22-16, 44-34, 71-54 եւ 96-73):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մայք Թէյլըր (26): Սթիւըն Պըրթ (Պիպլոս) նշանակեց 25 կէտ:
Դարձի 3-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Ռիատի Պէյրութ Մանարայի մէջ կը հիւրընկալէ Հուփսը:
Վաղը որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:


