
Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Վարտար, որ հիւրն էր Թուրնովոյին, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ Յովհաննէս Համբարձումեան` 52-րդ վայրկեանին:
Համբարձումեան այս մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ 90 վայրկեան:
Վիրաւոր ըլլալուն պատճառով այս մրցումին իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել Արտակ Դաշեան, կը յայտնէ ArmSport.am:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Վարտար 49 կէտով կը շարունակէ գլխաւորել դասաւորման առաջին դիրքը: