Լաթվիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումին, Թրաքայ 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց երկրին ախոյեան Զալկիրիսէն:
22-րդ վայրկեանին մրցումին հաշիւը բացաւ Թրաքայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի մարզիկ Դաւիթ Արշակեան: Սակայն անոր կազմը իր բերդին մէջ ստանալով չորս կոլ, չկրցաւ տիրանալ տիտղոսին: