ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Շիրակ Գիւմրիի միջնապահներ Էդգար եւ Գոռ Մալաքեան եղբայրները 3 տարուան պայմանագրութիւն ստորագրեցին Սթալի հետ:
Այս ուղղութեամբ պաշտօնական հաստատում մը կատարեց նաեւ Սթալի նախագահ Վարդան Իսրայէլեան` նշելով, որ խումբը անոնց հետ շատ լաւ արդիւնք պիտի արձանագրէ: