Երէկ Կիպրոսի մէջ սկսաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի զարգացման բաժակի մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին Հայաստանի, Կիպրոսի, Կալեսի եւ Ճիպրալթարի 16 տարեկանէն վար հաւաքականները:
Թէեւ հայրենի կազմը Կալեսի դէմ իր առաջին մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, սակայն, ըստ մրցաշարքին օրէնքին, պէտք էր ըլլար յաղթական խումբ մը: Հայաստան տարաւ վերջնական յաղթանակը, երբ փենալթիներով 3-2 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին:
Այսօր Հայաստան կը մրցի Կիպրոսի դէմ, որ երէկ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Ճիպրալթարին: