Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 5 Կէտի Տարբերութեամբ` 70-65 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Հուփսէն

April 16, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
PROFOTO
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի` «ֆայնըլ էյթ»-ի մրցումները սկսան երէկ, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Հուփսը:

Թէեւ ՀՄԸՄ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, սակայն հետզհետէ հիւր կազմը ինք առաւ մրցումին ղեկը եւ քանի մը առիթով կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 10-ի (31-41, 37-27), իսկ առիթով մըն ալ ՀՄԸՄ ունեցաւ 8 կէտի առաւելութիւն (19-11):

Մինչ ՀՄԸՄ կը փորձէր կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել, Հուփս ինք եւս կը յաջողէր կէտեր նշանակելով բարձրացնել տարբերութիւնը:

Վերջին 2 վայրկեաններուն Ճասթին Թապզի քիչ մը անձնասիրութիւնը եւ անոր իբրեւ հետեւանք եղած թըրն-օվըրները իրենց վատ անդրադարձը ունեցան ՀՄԸՄ-ի կրած այս պարտութեան վրայ:

HMEM_Hoops_41516

Թապզ, որ երէկ ունեցաւ 10 թըրն-օվըր (բոլոր մարզիկներուն մէջ ամէնէն վատը), փոխանակ փոխանցում կատարելու իր խմբակիցներուն, կը նախընտրէր առանձին ուղղուիլ դէպի մրցակիցին կողովը:

Յամենայն դէպս, այժմ այս մրցումը անցեալին կը պատկանի: Կը մնայ իւրաքանչիւր սխալի համար անհրաժեշտ ցուցմունքները կատարել բոլորին անխտիր, որպէսզի յառաջիկային նոյն պատկերը չկրկնուի:

ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ահմետ Իպրահիմ` 23 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ, 10 փորձերէ ետք), ապա` Տուայն Ճեքսըն` 16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ (ներառեալ` 2 թրի փոյնթ, 9 փորձերէ ետք) եւ վերջապէս, Նորվել Փել` 12 կէտ եւ 14 ռիպաունտ:

Հուփսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Անթուան Պարպուր` 22 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ):

ՀՄԸՄ-ի թըրն օվըրները եղան 21, մինչ Հուփսինները` 19:

ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 39 ռիպաունտ, մինչ Հուփս` 33:

Վերջապէս, ՀՄԸՄ 31 թրի փոյնթերէն միայն 8-ն հասցուց իրենց նպատակին (25.8 տոկոս), մինչ Հուփս` 19-էն 7 (36.8 առ հարիւր):

Այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մութթահետ Թրիփոլիի մէջ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը, մինչ վաղը «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին մէջ (Զուք) Թատամոն` Սաժեսը, երեկոյեան ժամը 17:00-ին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թատամոն

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-Ի Ներկայացուցչական Խումբը Այսօր Կը Կատարէ Տարեշրջանի Իր Վերջին Մրցումը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութիւն Կրեց Հուփսէն`  94-87 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութիւն Կրեց Հուփսէն` 94-87 Արդիւնքով

January 12, 2026
Հայազգի Ֆութպոլիստներ Հինէն Ի Վեր…
Մարզական

Հայազգի Ֆութպոլիստներ Հինէն Ի Վեր…

January 12, 2026
Հայաստանի Ֆութպոլիստները`  Իրենց Ակումբներուն Հետ
Մարզական

Հայաստանի Ֆութպոլիստները` Իրենց Ակումբներուն Հետ

January 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.