
Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Թրաքայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Աթլանթասին:
Մրցումին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ` Դաւիթ Արշակեան` 38-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Թրաքայ 18 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:


