Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 16 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թատամոն մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի արձանագրել տպաւորիչ յաղթանակ մը, իսկ համակիրներէն` ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել ՀՄԸՄ Անթիլիասի հնգեակը:


