«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն տարիներ շարունակ իր մասնակցութիւնը բերած` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի անուանի աստղ Քոպի Պրայընթ վերջ տուաւ պասքեթպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Եութա Ճեզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, 37 տարեկան ամերիկացին Լէյքըրզի դաշտին վրայ իր կատարած վերջին մրցումին նշանակեց 60 կէտ:
Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան ամէնէն շատ կէտը նշանակած է Նիւ Եորք Նիքսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2009), երբ նշանակած է 61 կէտ:
Պրայընթ դարձած է 50 եւ 50-է վեր կէտ նշանակած ամէնէն տարիքոտ պասքեթպոլիստը: