
Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը կը շարունակէ բարձրանալ:
Այժմ 27 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման արժէքը, ըստ «Թրանսֆըրմարքեթ»-ին, 2 միլիոն եւրօ բարձրանալով կը գնահատուի 30 միլիոն եւրոյով, ինչ որ մրցանիշ մըն է ազգային հաւաքականի խմբապետին համար:


