Եւրոպական 14 երկիրներու ազգային խումբերը, որոնք իրենց ակումբներուն թոյլ տուած են մասնակցիլ Եուրօ-բաժակի մրցաշարքին (Եուրօ-լիկայի երկրորդ մրցաշարք), ՖԻՊԱ-ին կողմէ կախակայուելով իրաւունք պիտի չունենան մասնակցելու Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Անոնք պիտի չկարենան մասնակցիլ 2017-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Կախակայումի մասին ՖԻՊԱ-ին կողմէ պաշտօնական նամակներ ստացած են Թուրքիա, Սերպիա, Խրուաթիա, Իտալիա, Հերցեկովինա, Իսրայէլ, Ռուսիա, Լեհաստան, Սլովենիա, Պոսնիա, Սպանիա, Լաթվիա, Մակեդոնիա եւ Մոնթենեկրօ:
Նամակին մէջ նշուած է, որ եթէ Եուրօ-լիկային աջակցելու տեղեկութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ, ապա տուեալ ֆետերասիոնները մինչեւ 20 ապրիլ պէտք է ատիկա հերքող ապացոյց ներկայացնեն:
Նշենք, որ ՖԻՊԱ-ն Եուրօ-լիկային հետ կը պայքարի եւրոպական ակումբներուն երկրորդական խումբերուն ուժով ստիպելու, որպէսզի մասնակցին ՖԻՊԱ-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ին եւ ոչ թէ` «Եուրօ-լիկ»-ին: