Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի ծիրին մէջ իր կատարած վերջին մրցումին, շաբաթ, 16 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Քֆարժոզի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ահլի Նապաթիէի դէմ, 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեան վերջին մրցումին հեթրիք մը իրագործեց մրցակիցին բերդին մէջ (65-րդ, 77-րդ եւ 89-րդ):
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի համար դասաւորման պատկերը որեւէ ձեւով փոփոխութիւն չկրեց` նկատի ունենալով, որ խումբը արդէն իսկ բաւական առաջ կորսնցուցած էր իր յոյսերը` Ա. դասակարգ բարձրանալու համար:
ՀՄԸՄ արձանագրեց 10 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ կրեց 9 պարտութիւն` ապահովելով 33 կէտ: Խումբը, որ տարեշրջանը աւարտեց 4-րդ դիրքին վրայ, նշանակեց 44 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստացաւ 30 կոլ:
Նշենք, որ երէկ Թատամոն Սուր, որ հանդիսացած էր Լիբանանի ախոյեան, իր կատարած վերջին մրցումէն ետք ստացաւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսը:


