
Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Միքայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ այլ աշխատանքի մը սկսելու համար ակումբի նախագահ Խորէն Յովհաննիսեան եւ գլխաւոր մարզիչ Սերկէյ Եուրան լքեցին իրենց պաշտօնները:
Ակումբի նախագահի պաշտօնը վստահուեցաւ գլխաւոր տնօրէն Արմէն Պետիկեանին, մինչ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պարտականութիւնը պիտի ստանձնէ Արմէն Շահկելդեանը:


