
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի եւ «Պանք Մետ»-ի, հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Մաան Լուպնան» միութեան, կիրակի, 8 մայիսին տեղի կ՛ունենայ Թրիփոլիի 7-րդ տարեկան կէս-մարաթոնը (21,1 քմ):
Տեղի պիտի ունենան տարբեր դասակարգի մրցումներ` տղոց եւ աղջկանց մասնակցութեամբ:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ սոյն կէս-մարաթոնին մասնակցիլ փափաքողները կրնան իրենց անունները արձանագրել «Սփինիս» Թրիփոլի եւ Մահամես Ամին ուղղուելով:
«Մաան Լուպնան» շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հըննաուիին` այս կէս-մարաթոնին նեցուկ կանգնելուն համար:


