
Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտական ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Բանանցը եւ Միքան, աւարտեցաւ Թիթօ Ռամալիոյի կազմին` Բանանցի յաղթանակով: Անիկա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մրցումին 2-րդ վայրկեանին, Լայերսիօ փենալթիով բացաւ մրցումին հաշիւը, մինչ երկրորդ կոլը 38-րդ վայրկեանին նշանակեց Ացամազ Պուրայեւ:
Այսպիսով, Բանանց 2016-2017 տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն:


