
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի երկրորդ ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` Սանթիակօ Պեռնապէօ դաշտին վրայ, դաշտին տէրը` Ռէալ Մատրիտ, յաջողեցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել, պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Մանչեսթըր Սիթին:
76 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ֆեռնանտօ (20-րդ)` սխալմամբ իր բերդին մէջ:
Նկատի ունենալով, որ երթին Ռէալ Մատրիտ Անգլիոյ մէջ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, անիկա յաջողեցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը, ուր զուտ սպանական ճակատումի մը ընթացքին 28 մայիսին «Սան Սիրօ» մարզադաշտին վրայ (Իտալիա) կը մրցի Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ:


