«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, երկու յաղթանակ արձանագրելէ ետք, երրորդին իր դաշտէն դուրս 120-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմիըն Լիլար նշանակեց 40 կէտ եւ 10 էսիսթ:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որուն մարզիչներէն մէկն է հայ Ռեքս Քալամեան, յաղթանակ մը արձանագրեց` 95-91 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մայեմի Հիթը:
Այսպիսով, Մայեմի Հիթ, որ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այժմ 2-1 արդիւնքով ուշացած է: