Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ շաբաթ, 7 մայիսին տեղի ունենալիք Ռիատի – ՀՄԸՄ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի առաջին մրցումը յետաձգուեցաւ երկուշաբթի, 9 մայիսին: Անիկա տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:
Այս մրցումին յետաձգուելուն պատճառը այն է, որ կիրակի, 8 մայիսին, Պէյրութի մէջ տեղի կ՛ունենան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ:


