Անգլիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր-լիկ»-ի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի Լայսթըր Սիթի-Էվըրթըն մրցումէն ետք (3-1) տեղի ունեցաւ Անգլիոյ նոր ախոյեանին պարգեւատրման հանդիսութիւնը:
Լայսթըր Սիթիի ֆութպոլիստներն ու մարզիչները ստացան իրենց ոսկի մետալները, ապա խումբին խմբապետը` Ուես Մորկան բարձրացուց ախոյեանութեան տիտղոսը, ակումբին գլխաւոր մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերիի հետ:
Նշենք, որ Լայսթըր Սիթի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանայ ախոյեանութեան տիտղոսին:
Նորուիչ Սիթի (19-րդ) եւ Ասթոն Վիլա (20-րդ), այժմ պաշտօնապէս փոխադրուած են Ա. դասակարգ: Վերջին խումբին անունը անորոշ է` Նիւքասը՞լ, թէ՞ Սանտըրլենտ: